Այսօր՝ 24 յունուարին, մահուան ելքով վրաերթ տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 08։20-ի սահմաններուն 65-ամեայ Հրաչ Եթարեանը իր վարած КамАЗ մակնիշի ՊՆ համարանիշի մեքենայով թիւ 142 դպրոցի դիմաց՝ հետիոտնի համար նախատեսուած անցման վրայ, վրաերթի ենթարկած է երեխայի մը։ Այս մասին կը յայտնէ Shamshyan.com-ը:
Երեխան ծայրայեղ ծանր ախտորոշմամբ տեղափոխուած է «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոն, ուրկէ կարճ ժամանակ անց ահազանգ եղած է, որ ան, գիտակցութեան չգալով, մահացած է։