image

CORONA-ն նոր սպառնալիք. Արդեօք այդ ժահրը ծանրոցներու միջոցաւ կը փոխանցուի՞

CORONA-ն նոր սպառնալիք. Արդեօք    այդ  ժահրը ծանրոցներու միջոցաւ կը փոխանցուի՞

Չինաստանէն ծանրոցները սպառնալիք չեն ներկայացներ մարրդոց համար՝ չկայ որեւէ ապացոյց, որ անոնց միջոցով կարելի է վարակուիլ 2019- nCoV քորոնա ժահրով։ Այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»ն՝ յղում կատարելով «Ալի էքսփրես Ռուսաստան» ընկերութեան ներկայացուցիչին։

Աւելի համապարփակ տեղեկատւութիւն այդ մասին կրնայ յայտնուիլ փակ նիստէն ետք, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը հրաւիրած է այդ ժահրի եւ անոր տարածման դիմակայելու ուղիներու քննարկման համար։

Չինական China Post փոսթային ծառայութիւնը խոստացած է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել ծանրոցներուն, որոնք կ'անցնին Ուհան քաղաքի բաժանմունքէն, ուր սկսած է վարակի բռնկումը եւ այնտեղ գրանցուած է վարակի դէպքերու մեծ մասը։ Այդ քաղաքէն անցնող ծանրոցները խոստացած են լրացուցիչ ախտահանել։

Նշենք, որ քորոնա ժահրը, ըստ վերջին տուեալներու, 17 մահուան պատճառ դարձած է։ Մահացու ժահրի վարակման դէպքերու մեծ մասը գրանցուած է Ուհան քաղաքին մէջ։ Երկրի իշխանութիւնները փակած են այդ եւ երկու այլ քաղաքներու ելքն ու մուտքը։ Բացի այդ, ժահրի տարածման պատճառով 25 յունուարէն պիտի փակուի երկրի գլխաւոր թանգարանային համալիրի՝ Փեքինի մէջ Արգիլուած քաղաքի (Կուկունի) հասանելիութիւնը։

Վարակման դէպքեր գրանցուած են նաեւ Չինաստանի սահմաններէն դուրս՝ Ճափոնի, Հարաւային Քորէայի, Թայլանտի, ԱՄՆ-ի եւ Սինկափուրի մէջ։