image

Իրանցիներու դէմ ամերիկեան նոր սեղմումներ

Իրանցիներու դէմ ամերիկեան նոր սեղմումներ

Միացեալ Նահանգները դադրեցուցած է մուտքի արտօնագրեր տրամադրել Իրանի այն քաղաքացիներուն, որոնց ժամանումը երկիր պայմանաւորուած է առեւտրային գործարքներուն մասնակցելու եւ փոխադարձ ներդրումներ ընելու գործօնով: ТАСС գործակալութեան փոխանցմամբ՝ այս մասին ըսուած է ԱՄՆ Ներգաղթի քաղաքացիութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Նոր վիզային սահմանափակումներն իրանցիներու համար պայմանաւորուած են Ուաշինկթընի՝ Բարեկամութեան մասին երկկողմ համաձայնագրէն դուրս գալով, տնտեսական յարաբերութիւններով եւ 1955-ին Թեհրանի հետ հաստատուած հիւպատոսական իրաւունքներով:

«Իրանի քաղաքացիներն այլեւս E-1 արտօնագիր (աշխատանքի թոյլտւութիւն ստանալու համար) եւ E-2 արտօնագիր (ոչ ներգաղթային արտօնագիր ԱՄՆ-ի մէջ ձեռնարկութիւն բանալու համար, որուն մէջ սեփականատէրը ներդրած է դրամագլուխի զգալի մասը) ստանալու իրաւունք չունին»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Կը նշուի, որ իրանի քաղաքացիները, որոնք ներկայ պահուն ԱՄՆ կը գտնուին այդ երկու տեսակի արտօնագրերով, կրնան մնալ մինչեւ արտօնագրի ժամկէտի սպառիլը: