image

Ինչո՞ւ Ձերբակալուեցաւ Արազ Շահպազեանը

Ինչո՞ւ Ձերբակալուեցաւ Արազ Շահպազեանը

Լոս Անճելըսի ապահովական մարմիններ  ձերբակալած են   Արազ  Շահպզեանը: Այս մասին գրած է    Los Angeles Times  պարբերականը,  յայտնելով, որ հայազգի երիտասարդը  ձերբակալուած է   Լա Քրէսէնտէ շրջանին մէջ՝   17- ամեայ աղջկան մը առջեւ գիջութիւն  (masturbation) ընելուն  համար:  Երիտասարդուհին, որ յաջողած է  լուսանկարել զինք   փութացած է հասնիլ    շրջանի ոստիկանատուն  եւ դատական հայց ներկայացնել Արազի դէմ, որմէ ետք   ոստիկանութիւնը    վերջինիս Միլֆորտ շրջանը  գտնուող տունը երթալով ձերբակալած  է  զինք: Արազ   խոստովանած է    իր ըրած յանցանքը եւ ըսած, որ առաջին անգամը չէ, որ նման արարքներ  կը կատարէ: Իր կարգին  շրջանի ոստիկանապետ  Րոպըրթ  Ուիլեամ  յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով  Արազի  մասին  յաւելեալ տեղեկութիւն ունեցողներէն խնդրած է արագօրէն  ոստիկանատուն  ներկայնալ: