image

Եթովպիա. Աստուածայայտնութեան տօնի ժամանակ 10 մարդ մահացած է,100-ը՝ վիրաւորուած

Եթովպիա. Աստուածայայտնութեան տօնի ժամանակ 10 մարդ մահացած է,100-ը՝ վիրաւորուած

Եթովպիայի հիւսիսային Կոնտեր քաղաքին մէջ Աստուածայայտնութեան տօնակատարութեան ժամանակ փլուզած է հարթակը, ուր գտնուած են հաւատացեալները, ինչի հետեւանքով մահացած է առնուազն 10, վիրաւորուած է 100 մարդ: Այս մասին կը յայտնէ ТАСС գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով տեղի բժիշկներուն:

Նշուած է, որ երկրի հնագոյն մայրաքաղաք Կոնտերի մէջ Աստուածայայտնութեան տօնակատարութիւնն ամենաճանչցուածն է Եթովպիոյ մէջ, որուն ամէն տարի շուրջ մէկ միլիոն մարդ կը մասնակցի:

Աստուածայայտնութիւնը կամ «Թիմքատը», որ ամհարերէնէն թարգմանաբար կը նշանակէ «Մկրտութիւն», լայնօրէն կը նշուի Եթովպիոյ ուղղափառ քրիստոնեայ համայնքի կողմէ:

2019-ին ԵՈւՆԵՍՔՕ-ն Աստուածայայտնութեան եթովպիական տօնակատարութիւնը ներառած է մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: