image

Երեւան. Մամուլի շէնքին մէջ բռնկած հրդեհը մարուած է

Երեւան. Մամուլի շէնքին մէջ բռնկած հրդեհը մարուած է

18 Յունուարին, ժամը 11:47-ին «911» ծառայութիւնը ահազանգ ստացած է, որ Երեւանի Արշակունեաց պողոտայի վրայ՝ «Մամուլի» շէնքի առաջին յարկին մէջ, հրդեհ բռնկած է:

 Հրդեհի բարդութեան «1-ԲԻՍ» կանչով դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն չորս մարտական հաշուարկ, ինչպէս նաեւ հրդեհաշիջման եւ փրկարարական աշխատանքներու կազմակերպման բաժնի դաշտային խումբը:

Շէնքին մէջ գտնուողները տարհանուած են: Բռնկված հրդեհի հետեւանքով տուժածներ չկան: Այս մասին նշած է «Շտապ օգնութիւն» ծառայութեան տնօրէն Թագուհի Ստեփանեանը:

«Տուժածներ չկան, ոչ ոքի բժշկական հաստատութիւն տեղափոխելու կարիք չի եղել, սակայն առաջին իսկ րոպեներից մեր բժիշկները տեղում են»,-ըսած է Թագուհի Ստեփանեանը: