image

Ոչ Եւս Է Լիբանանի ՀԲԸՄ-ի Գործիչներէն՝ Կարօ Ճղլեան

Ոչ  Եւս Է Լիբանանի ՀԲԸՄ-ի Գործիչներէն՝   Կարօ Ճղլեան

Պէյրութի մեր աղբիւրներէն վերահասու կը դառնանք, որ  երէկ     26 Մարտ 2016-ին  սրտի տագնապի  հետեւանքով իր մահականացուն կնքած է գաղութի պատասխանատու  անդամներէն՝ Կարօ Ճղլեան: Նշենք, որ հանգուցեալը եղած  է Լիբանանի ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի երկարամեայ նախկին ատենապետ, վարչական անդամ եւ նուիրեալ միութենական:  Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2016, կէսօրէ ետք ժամը 2.30-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Անթիլիաս, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատունը:Ցաւակցութիւնները կ'ընդունուին Երկուշաբթի, 28 Մարտ 2016, առաւօտեան ժամը 11.00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7.00-ը, Երեքշաբթի 29 Մարտ 2016, յուղարկաւորութենէն առաջ եւ ետք՝մինչեւ ժամը 7.00-ը, Չորեքշաբթի 30 Մարտ 2016, առաւօտեան ժամը 11.00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7.00-ը, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան Կեդրոնին մէջ, Անթիլիաս: