image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելեց Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի

Նախագահ  Արմէն Սարգսեան  այցելեց Շարժայի Սուրբ Գրիգոր  Լուսաւորիչ Եկեղեցի

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ ՝Արմէն Սարգսեան   երէկ  հանդիպում  ունեցած   ԱՄԷ-ի հայկական  համայնքի  ներկայացուցիչներուն  հետ։  Հանդիպումը կայացած է   ԱՄԷ-ի  Շարժա  քաղաքի առաջնորդանիստ   Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։

 

 Այս  մասին «Արեւելք»ին   յայտնեցին Շարժայէն։ 

 

 Այս  առթիւ  ԱՄԷ-ի  առաջնորդարանը   հրապարակած է     հաղորդագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Ապու Տապիի գահաժառանգի հրաւէրով Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը Կիրակի , 12 Յունուար 2020-ին ժամանեց Ապու Տապի մասնակցելու « Կայունութեան Շաբաթ» վերնագիրը կրող Միջազգային համագումարին:
Այս առիթով Ազգային Առաջնորդարանի եւ Դեսպանատան միատեղ գործակցութեամբ յարմար նկատուեցաւ որ Պրն. Նախագահը այցելէ Շարժայի մէջ գործող առաջին հայկական համալիրը եւ Եկեղեցին:
Երեքշաբթի, 14 Յունուար 2020-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ համալիրի մուտքին Պրն. Նախագահը դիմաւորուեցաւ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, հոգեւորական դասուն եւ Ազգային իշխանութեան կողմէ ապա՝ եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ կարճ արարողութիւն, որմէ ետք հոծ բազմութեան ներկայութեամբ մեկնեցան սրահ ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն նախագահի այցելութեան առիթով:
Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ վարժարանի ուսանողները փունջ մը երգերով ու ասմունքներով ելոյթ ունեցան, յանուն ներկաներուն խօսք առաւ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան ատենապետ Պրն. Մուշեղ Պետիրեան որ բարի գալուստ մաղթեց Պրն. Նախագահին եւ ընկերացող պատուիրակութեան ,եւ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն մեծ երազանքին ազատ անկախ Հայաստան ունենալու եւ այդ երազանքի իրականացման իբրեւ արդիւնք ահաւասիկ արդէն իսկ պատիւը ունինք մեր գաղութէն ներս Վայլելու ներկայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Չորրորդ Նախագահին, ապա՝ հրաւիրեց Սրբազան
Հայրը որ իր սրտի խօսքը փոխանցէ: Սրբազան Հայրը Յանուն Մեծի Տանն կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին , Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Ազգային իշխանութեան եւ հաւատաւոր ժողովուրդին ողջունեց Վսեմաշուք Նախագահին այցելութիւնը համալիրէն ներս: Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ անցնող տարիներու ընթացքին Պրն. Նախագահին ունեցած դերակատարութեան ու նպաստի յատկապէս արտաքին յարաբերութիւններու միջոցաւ որոնք մեծապէս օգտակար դարձան Հայաստանի Հանրապետութեան, Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ մատնանշեց Թեմի ժողովուրդին ունեցած իւրայատուկ կապուածութեան հայրենիքին նկատմամբ:Խօսքին աւարտին Սրբազան Հայրը շեշտեց անցնող տասնամեակներուն ընթացքին սփիւռքահայութեան ունեցած մեծ դերակատարութեան հայրենիքի նկատմամբ, նիւթական եւ բարոյական ներդումներով որ մինչեւ օրս կը շարունակուի: Սրբազան Հայրը Պրն. Նախագահի յատուկ ուշադրութեան յանձնեց Միջին Արեւելեան կարգ մը գաղութներու իրավիճակը

որոնք կը գտնուին պատերազմի եւ կամ քաղաքական անկայուն վիճակի մէջ շեշտելով որ Հայաստանը նմանօրինակ երեւոյթներու նկատմամբ առաջնահերթ կերպով պէտք է օգտակար դառնայ հայ գաղութներու: խօսքը եզրափակելով Սրբազանը Հայրը ըսաւ. «հայրենիքը մեծագոյն սրբութիւն է որուն անվտանգութիւնը համայն հայութեան պարտականութիւնն է,հետեւաբար բոլորս ալ կոչուած ենք պայքարելու հայրենիքի ապահովութեան եւ բարգաւաճման աշխատանքներուն »:
Սրբազան հայրը հրաւիրեց Պրն. Նախագահը որ իր խօսքը փոխանցէ ժողովուրդին :
Առաջին Հերթին Պրն. Նախագահը իր մեծ ուրախութիւնը յայտնեց Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս ընդունելութեան:
Մատնանշելով ըսաւ՝ « Հայաստանը յաղթած երկիր է որովհետեւ պատմութեան ստեղծած բոլոր դժուարութիւններուն դիմաց պայքարեցաւ եւ միշտ յաղթական դուրս եկաւ: Մենք կը հաւատանք մեր ամբողջական հայութեան ուժին»:
Խօսքի աւարտին Պրն. Նախագահը ներկայացուց Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց միջեւ վերջին տարիներուն աճած եւ զարգացած յարաբերութեան մասին յայտնելով թէ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ մեծ ծրագիրներ կան որոնք պիտի նպաստեն Հայաստանի :
Ձեռնարկի աւարտին Սրբազան Հայրը յանուն Ազգային իշխանութեան եւ ժողովուրդին կողմէ յուշանուէր մը փոխանցեց Պրն. Նախագահին :