image

Երեխայի վաճառքի հերթական պատմութիւն մը

Երեխայի վաճառքի  հերթական պատմութիւն մը

«Ապօրինի որդեգրումներու գործով» տուժող մայրերէն Հայկուհի Խաչատրեանի կողմէ նախաձեռնած «Հայոց մայրեր»-ու ֆէյսպուքեան էջին գրուած է հետեւեալը.

«16 յունուար 1995-ին Շամշատինի մէջ (Բերդ քաղաք) ծննդաբերած մայրիկ, եթէ դուք ունեցած էք տղայ երեխայ, իսկ Ձեզի ըսած են, որ Ձեր տղան մահացած է կամ մէկ այլ պատճառաբանութեամբ խլած են Ձեր երեխային,ապա կապ հաստատեցէք իմ հետ։

Ըստ երրորդ անձէ ստացած տեղեկութիւններու՝ ուղղակի հիւանդանոցէն երեխան վաճառած են։ 20 Յունուարին երեխային գնորդը տարած է իրենց տուն։ Տարիներ անց տղային ըսած են, որ դուն կենսաբանական ծնողներուդ երրորդ երեխան ես։ Անոր ըսած են, որ ծնունդը պէտք է նշեն 20 Յունուարին, քանի որ այդ օրը անոր տուն բերած են։ Ձեր տղան ողջ է եւ կը փնտռէ Ձեզ»։