image

Երեւանցի հայուհին Թրամբի համար պատրաստուած կարկանդակներու հեղինակ

Երեւանցի հայուհին Թրամբի համար պատրաստուած կարկանդակներու հեղինակ

Ֆլորա Աղաբաբեանը աշխարհահռչակ հրուշակագործ է, տօնական կարկանդակներ ձեւաւորող: Անոր աշխատանքը մեծ պահանջարկ ունի շատ յայտնիներու մօտ, այդ շարքին՝ Քիմ Քարտաշեանի, Պիյանսէի, Ճենիֆըր Լոփեսի, Ուիլ Սմիթի, Մայքլ Ճորտընի, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի:

Ֆլորա Աղաբաբեանը ծնած է Երեւան եւ սկսած է ստեղծագործել վաղ տարիքէն: Ստեղծագործական ջիղը սկիզբը դրսեւորուած է պարային դասընթացներու ժամանակ, իսկ յետոյ՝ հրուշակագործութեան մէջ:

16-ամեայ Ֆլորան հետաքրքրուած է կարկանդակներու պատրաստմամբ եւ ձեւաւորմամբ: Նախ ան գացած է Կլենտէյլ եւ սկսած աշխատանք փնտռել հայերուն պատկանող հրուշակագործական արտադրամասերուն մէջ: Ահռելի թիւով անյաջող փորձերէն ետք որոշած է մեկնիլ Լաս Վեկաս:  Ի վերջոյ, ան յաջողած է իրականացնել իր երազանքը՝ դառնալ ԱՄՆ-ի մէջ աշխարհի լաւագոյն հրուշակագործներէն մէկը:

«Սկիզբը ես ստիպուած էի առանց հանգստանալու 20 ժամ աշխատիլ մինչեւ այն պահը, երբ առաջարկ ստացայ հիւրանոցի մը ֆրանսական ծագումով ամերիկացի յայտնի հրուշակագործէ: Մեր հանդիպման ժամանակ ան խնդրեց ինծմէ կարկանդակ պատրաստել: Ես պատրաստեցի այն, ան գոհ էր եւ խոստացաւ օգնել ինձ: Յաջորդ օրը զանգ ստացայ քանի մը աշխատատեղերէ: Ես յաջողութեամբ անցայ բոլոր հարցազրոյցները, բայց, ի վերջոյ, ընտրեցի Wynn խաղատուն- հիւրանոցը, ուր ես կ'աշխատիմ մինչ օրս (Ֆլորան այժմ կը զբաղուի բացառապէս կարկանդակի զարդարմամբ)», – ըսած է հրուշակագործը:

Ֆլորա Աղաբաբեանը միջազգային մրցոյթներուն արժանացած է հսկայական թիւով մրցանակներու: Ճանչցուած է 2011-ի  հարսանեկան կարկանդակի համաշխարհային մրցոյթի յաղթող:  Աղաբաբեանի մէկ հեղինակային կարկանդակի նուազագոյն արժէքը 25 հազար տոլար է: