image

Մխիթարեան դարձեալ կը փայլի

Մխիթարեան  դարձեալ կը փայլի

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային ընտրանիի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանի կոլը «Ռոմա»-ՍՊԱԼ խաղին օգնեց մայրաքաղաքային խումբին յաղթանակ տոնիլ:

«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ Իտալիոյ ֆութպոլի առաջնութեան 16-րդ շրջանին «Ռոմա»-ն Հռոմի Ողիմպիական մարզադաշտին մէջ հիւրընկալած է ՍՊԱԼ-ը եւ առաւելութեան հասած 3:1 հաշուով:
Հայաստանի հաւաքականի աւագ Հենրիխ Մխիթարեանը «Ռոմա»-ի մեկնարկային կազմին մէջ չէր, սակայն փոխարինման դուրս եկած է 78-րդ վայրկեանին եւ 83-րդ վայրկեանին խփած է «գայլերու» երրորդ կոլը:

Այս յաղթանակէն ետք «Ռոմա»-ն Ա մրցաշարային աղիւսակին մէջ 4-րդն է եւ ունի 32 միաւոր: Առաջատարը 39 միաւորով «Ճուվենթուս»-ն է: