image

Հալէպ. Բացուած է Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ ամանորեայ ցուցահանդէսը

Հալէպ. Բացուած  է Հայ Աւետարանական  Բեթէլ  եկեղեցւոյ  ամանորեայ ցուցահանդէսը

Հալէպի  մէջ  բացումը կատարուած  է  Հայ Աւետարանական Բեթէլ  եկեղեցւոյ  ամանորեայ  ցուցահանդէսը։

Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք  Հալէպի Հայ   Աւետարանական  Եկեղեցիէն։

Կը նշուի,  որ   Բեթել եկեղեցւոյ  Տիկնանց Վարչութիւնը աւանդութեան համաձայն կազմակերպած է տարեկան Ամանորեայ Ցուցահանդէսը, որ ճոխ եւ բազմատեսակ զարդարանքներ կ'ընդգրկէր:  Այնտեղ գեղեցիկ յարդարումով ներկայացուած էին արուեստագէտ եւ ստեղծագործ հայուհիներու ձեռային աշխատանքներ, հայկական աւանդական ձեռագործներ եւ համադամ ուտեստներ։

Ցուցահանդէսին բացումը կատարած է  Վերապատուելի Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեան։ Թալին Արապաթլեան Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցւոյ Տիկնանց Վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Վերապատուելի համայնքապետը այնուհետեւ բարձր գնահատեց մասնակիցները ու ըսաւ. «Ճգնաժամային այս օրերուն, բարձր գնահատանքի արժանի են նման ցուցահանդէսները, որոնց ընթացքին հնարամիտ եւ ստեղծագործ մեր օրիորդները եւ տիկինները գործի կը վերածեն իրենց բազում շնորհները եւ գեղեցիկ զարդերով մեզ բոլորս կը նախապատրաստեն Նոր Տարուան»:

Եզրափակելով վերապատուելին ըսաւ. «Կեանքը Աստուծմէ մեզի տրուած պարգեւ է, զայն իմաստաւորենք բարի արարքներով»։

Ապա ան այցելեց տաղաւարները՝ մերթ դիտելով, զրուցելով եւ մերթ նպատակայարմար միտքեր արտայայտելով ու գնահատելով մասնակիցները։

Ցուցահանդէսը մեծ ընդունելութիւն գտաւ ու տօնական մթնոլորտ ստեղծեց: