image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ 2700 կենդանի ստերջացուած եւ համարակալուած է. Յ. Կարապետեան

Երեւանի մէջ 2700 կենդանի ստերջացուած եւ համարակալուած է. Յ. Կարապետեան

Երեւանի քաղաքապետարանի մամլոյ խօսնակ Յակոբ Կարապետեանը ֆէյսպուքեան իր էջին տեղեկացուցած է, որ քաղաքի թափառող կենդանիներու շուրջ 70 %-ը ստերջացուած, պատուաստուած ու համարակալուած է:

«Մէկ տարի առաջ քաղաքապետ Մարութեանը հռչակեց թափառող կենդանիներու հետ համակեցութեան հիմնական բանաձեւը՝ թափառող կենդանիները պէտք չէ ոչնչացուին, միեւնոյն ժամանակ, անոնք պէտք չէ վտանգաւոր ըլլան մարդոց համար։

Այսօր, արդէն, ՀՈԱԿ-ի հաշուով 2700 ստերջացուած, պատուաստուած ու համարակալուած կենդանի կայ, ըստ որոշ հաշուարկներու՝ քաղաքի թափառող կենդանիներու շուրջ 70 %-ը»,- գրած է ան։