image
Հրատապ լուրեր:

Մահացած է այնճարցի երիտասարդ Ժան Խոզեանը

Մահացած է այնճարցի երիտասարդ  Ժան  Խոզեանը

Չորեքշաբթի 11 Դեկտեմբեր 2019-ին իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ (Բնիկ Մուսա Լեռցի)  երիտասարդ  Ժան Պօղոս Խոզեանը։

Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է «Մուսալեռ» դիմատետրի էջը, նշելով նաեւ, որ հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր Հինգշաբթի 12 Դեկտեմբեր 2019-ին, Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ «Ս. Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ յետմիջօրէի ժամը 1։00ին, ուրկէ անոր մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի հայ Կաթողիկէ գերեզմանատունը։

Ծանր  հիւանդութեան  հետեւանքով  մահացած  եւ շրջապատին մէջ սիրուած հայ երիտասարդը ամուսնացած էր եւ հայր մէկ երեխայի։

Վերջին շրջանին ան անդամագրուած էր Լիբանանեան բանակին եւ կը ծառայէր որպէս զինուորական։