image

Սահակ եւ Արամ սրբազանները միասին մուտք գործեցին Ս. Աստուածածին Մայր տաճար

Սահակ եւ Արամ սրբազանները միասին մուտք գործեցին Ս. Աստուածածին Մայր տաճար

Պոլսոյ մէջ ընթացող պատրիարքի ընտրութեան ժողովի բացման ընթացքին Պոլսոյ երկու սրբազան հայրերը միասնաբար մուտք գործեցին մայր տաճար: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Արեւելք»ի Պոլիս գտնուող թղթակիցը:

Մեր աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ աւանդութեան համաձայն, այս ժողովը բացաւ օրուայ տեղապահը, որ այս պարագային Սահակ սրբազանն է, որմէ ետք ան  կատարած է կարճ աղօթք մը եւ ապա երկու սրբազանները հեռացած են մայր տաճարէն:

Նշենք նաեւ, որ արդիւնքներու հրապարակումէն անմիջապէս ետք, 4 անձերէ բաղկացող պատուիրակութիւն մը մուտք կը գործէ պատրիարքարան եւ նորընտիր պատրիարք սրբազանին կը յայտնէ բարի լուրը, որմէ ետք ալ պատրիարքը պատուիրակութեան հետ միասին կը մեկնի Ս. Աստուածածին աթոռանիստ մայր տաճար, ուր տեղի կ'ունենայ աղօթք, ապա ան իր առաջին պատգամը կը փոխանցէ համայնքի զաւակներուն: