image

ՄԱԿ-էն ներս Հայաստանը հանդէս եկաւ բրօ-ռուսական դիրքով

ՄԱԿ-էն ներս Հայաստանը հանդէս եկաւ բրօ-ռուսական դիրքով

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովը ընդունած է «Ղրիմի Ինքնավար Հանրապետութեան, Սեւասթոպոլի, Սեւ եւ Ազովի ծովերու ջրային տարածքներուն մէջ ռազմականացման խնդրի վերաբերեալ» բանաձեւ, որով դատապարտած է Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմէ Ղրիմի ու Սեւասթոպոլի շրջափակումը:

Ինչպէս կը յայտնէ The Washington Post-ը, նշեալ տարածքներէն զինուժն անյապաղ դուրս բերելու կոչով բանաձեւին կողմ քուէարկած է 63 երկիր, դէմ՝ 19-ը, այդ շարքին՝ Հայաստանը: Մինչդեռ 66 երկիր ձեռնպահ մնացած է, իսկ 45-ը չէ մասնակցած քուէարկութեան:

Հայաստանէն բացի՝ բանաձեւին դէմ քուէարկած են Պելարուսը, Չինաստանը, Հիւսիսային Քորէան, Իրանը, Ղրղզստանը, Սերպիան, Վենեզուելան, Սուրիան եւ այլ պետութիւններ:

Կը նշուի, որ, ի տարբերութիւն Անվտանգութեան խորհուրդի, Գլխաւոր վեհաժողովի բանաձեւերն իրաւական տեսանկիւնէ պարտաւորեցնող չեն՝ հակառակ, որ կ'արտացոլեն միջազգային հանրութեան տեսակէտը: