image
Հրատապ լուրեր:

ՄԱԿ-ի մէջ հնչեց Կոմիտասի երաժշտութիւնն ու բարձրացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը (Տեսանիւթ)

ՄԱԿ-ի մէջ հնչեց Կոմիտասի երաժշտութիւնն ու բարձրացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը (Տեսանիւթ)

Կոմիտասի երաժշտութեամբ սկսած է Նիւ Եորքի, ՄԱԿ-ի գրասենեակին մէջ Հայաստանի առաքելութեան կողմէ նախաձեռնուած ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ կրթութեան նուիրուած համաժողովը: Այս մասին կը գրէ «Ամերիկայի Ձայն»-ը:

ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան ընդգծած է. «Հայ ազգը Ցեղասպանութեան սարսափներու մէջէն անցած է 20-րդ դարու սկիզբը, ուստի, Հայաստանը ունի յատուկ պարտաւորութիւն միաւորելու ցեղասպանութեան յանցանքի կանխման ջանքերը»:

Ցեղասպանութեան իրականացման կը նախորդեն իրադարձութիւններ, որոնք ընթացքին ճնշման կ՝ենթարկուին երկրի խոցելի խումբերու իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւնները, նշած է Մարգարեան:

Համաժողովը վարող Պատասխանատւութեան եւ պաշտպանութեան համաշխարհային կեդրոնի տնօրէն Սայմոն Ատամս անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան օրինակին, յիշեցնելով, որ չորս ամիս անց կը լրանայ 105-րդ տարելիցը, երբ «1915-ի Ապրիլ 24-ին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ սկսան հայերու թիրախաւորուած սպանութիւնները».

«Այս գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք ոչնչացուեցաւ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն կեանք: Միացեալ Թագաւորութիւնը, Ֆրանսան, Ռուսիան 1915-ի Մայիսին մեղադրեցին Օսմանեան Կայսրութիւնը մարդկութեան դէմ յանցանք գործելու մէջ՝ ատիկա առաջին անգամն էր, որ այդ եզրը օգտագործուեցաւ՝ իբրեւ դաժանութիւններու ծաւալը բնութագրելու փորձ»:

Գիտնականներու, հոգեբաններու խօսքով, ցեղասպանութեան ժխտումը ոչ միայն անարգանք է ցեղասպանութեան զոհերու նկատմամբ, այլեւ ճանապարհ կը բանայ յաջորդ ցեղասպանութեան համար:

«Երբ ուսանողներս կը կարդան Ռոն Սունիի ստեղծագործութիւնները, անոնք իրօք սարսափած կը մնան, ցնցուած, զարմացած բռնութիւններու մակարդակով, որոնց միջով անցաւ Օսմանեան Կայսրութեան հայ համայնքը եւ անոնք բացատրութիւն կը պահանջեն»,- նշած է Նիւ Եորքի քոլէճի պատմութեան դասախօս Էրիք Ուայթսը:

Համաժողովին ներկայ ՄԱԿ-ի մէջ Թուրքիոյ առաքելութեան աշխատակիցը՝ այս ամէնը լսելով՝ ձայնի իրաւունք խնդրած է՝ յայտարարելով, որ Առաջին աշխարհամարտի վերջին տարիները Օսմանեան Կայսրութեան համար բարդ շրջան էին, որուն ընթացքին տառապած են կայսրութեան բոլոր քաղաքացիները.

«Մարդկութեան պարտքն է հաստատել, որ հայերը տառապած են ճիշդ նոյնքան, որքան Օսմանեան Կայսրութեան միւս քաղաքացիները եւ Թուրքիոյ մէջ տարբեր կարծիքներ արտայայտելը 1915-ի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ ժողովրդավարութեան մշակոյթի մասն է, սակայն, 1915-ի իրադարձութիւնները օգտագործել իբրեւ Թուրքիոյ դէմ թշնամութեան արտայայտման պատրուակ եւ այս հարցը քաղաքական հակամարտութեան հարց դարձնելը անընդունելի է»:

Միջազգային իրաւունքը չի ճանչնար 1915-ի իրադարձութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն, եզրափակած է Թուրքիոյ ներկայացուցիչը:

Ի պատասխան Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող գիտնականներու միջազգային ընկերակցութեան ղեկավար Հենրի Թերյէլ նշած է, որ այսօր, հաշուի առնելով բոլոր հետազօտութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան հերքման նոյնիսկ քննարկումնը անիմաստ է.

«Վերջին 50 տարուան ընթացքին ես չէի լսած Հայոց Ցեղասպանութեան այսպիսի ուղղակի հերքում: Շնորհակալութիւն զայն պատկերաւոր կերպով ի ցոյց դնելու համար: Սակայն խորհուրդ պիտի տայի թարմացնել ձեր գրականութիւնը, քանի որ անիկա շուրջ 30 տարիով հինցած է: Ձեր կողմէն բերուած փաստարկները բազմիցս եւ վաղուց հերքուած են, այնպէս որ կոչ կ’ընէի քիչ մը աշխատանք կատարել, որպէսզի ձեր ըսածը բովանդակութիւն ունենայ: Ըսեմ նաեւ՝ Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ մարդիկ, կիրթ, զարգացածներ լիարժէք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բայց հակառակ ձեր յայտարարութեան, անոնցմէ շատերը անազատութեան մէջ են հիմա կամ նախապէս եղած են անազատութեան մէջ՝ զայն ճանչնալու համար»: