image

Լիբանանեան տարբեր շրջաններ յորդառատ անձրեւներու պատճառով ողողուեցան

Լիբանանեան տարբեր շրջաններ յորդառատ անձրեւներու պատճառով  ողողուեցան

Լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ երէկ արձանագրուեցան ողողումներ, որոնց պատճառը առաջին անձրեւներն էին:

Քանի մը ժամուան տեղատարափ անձրեւը բաւարար էր բացայայտելու համար Լիբանանի փողոցներուն ենթակառոյցին խախուտ իրավիճակը:

Այսպէս, ողողումներ արձանագրուեցան Պէյրութի միջազգային օդակայանի մուտքին, Ուզահիի եւ Քոսթա Պրաւա-Խալտէ փապուղիներուն մէջ, ուր ինքնաշարժները խանգարուեցան եւ մնացին գոյացած ծովակներուն մէջ:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժեր փութացին քաղաքացիներուն օգնութեան:

Ողողումները պատճառեցին նաեւ երթեւեկի խճողումներ:

Տեղատարափ անձրեւներ ողողումներ պատճառեցին նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ, յատկապէս Ուզահիի եւ Մշարրաֆիէի մէջ, ուր մեծ թիւով քաղաքացիներ տուժեցին:

Նաամէի եւ Նապաթիէի մէջ նոյնպէս պարզուեցան նոյն պատկերները:

Հազմիէն, Շեւրոլէն, Մքալլեսը, Հայեքը եւ Ժսըր Պաշան իրենց կարգին վկայեցին ողողումներ, որոնք անդամալուծեցին շրջանները:

Այս մասին հանրօգուտ շինութեաց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Ֆընիանոս յայտնեց, որ ինք պատասխանատուութենէ փախուստ չի տար` աւելցնելով, որ պատահածը մանրամասնութեամբ դարձուցած է ընդհանուր դատախազին սեփականութիւնը:

Ան նշեց, որ ինք կը հասկնայ քաղաքացիին դիմագրաւած դժուարութիւնները` աւելցնելով սակայն, որ նախարարութեան մօտ գտնուող գումարը, որ պէտք է օգտագործուի փողոցներու մաքրութեան համար` կանխարգիլելու համար այս իրավիճակը, արտօնելի չէ, որ ծախսուի` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած ելեւմտական տագնապը:

Ան նշեց, որ մեծ քաղաքները, ինչպէս` Պէյրութ, Սայտա եւ Թրիփոլի, նախարարութեան աշխատանքի ծիրին չեն նկատուիր:

Խորհրդանշական էր, որ երէկուան ողողումներուն պատկերները զուգադիպեցան Փտածութեան դէմ պայքարի միջազգային օրուան` բացայայտելով պետական կառոյցներու թերացումները:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն