image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած է «1915.gov.tr» կայքը. եւս մէկ քայլ դէպի ժխտողականութիւն

Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած է «1915.gov.tr» կայքը. եւս մէկ քայլ դէպի ժխտողականութիւն

Թուրքիոյ նախագահական տեղեկատուական վարչութիւնը, եւս մէկ քայլ առած է դէպի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտում՝ ստեղծելով  «1915.gov.tr» անուամբ կայք, որու աշխատանքային լեզուն անգլերէնն է: Կայքի նպատակ հռչակուած է պայքարիլ «Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներու դէմ»: Այս մասին կը գրէ ermenihaber-ը։

Թուրքիոյ նախագահականի տեղեկատւութեան վարչութեան պետ Ֆահրըտտին Ալթունը, մեկնաբանելով նոր կայքի հիմնումը, ըսած է. «Այս կայքը, յենուելով պատմական փաստերու վրայ, միջազգային ասպարէզի մէջ պիտի պատասխանէ ամէն առիթով մեր դիմաց դրուող Հայոց ցեղասպանութեան մասին զրպարտութեան»:

Կայքին մէջ կան հետեւեալ բաժինները՝

«1915-ի իրադարձութիւններ»,
«Պաշտօնական հրամանագրեր»,
«Դատարանի վճիռներ»,
«Հայկական ահաբեկչութիւն»,
Հարցուպատասխան»:

Կայքին մէջ կը քարոզուին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման վերաբերեալ թրքական պետութեան առաջ քաշած այնպիսի թեզեր, ինչպիսիք են «պատմութիւնը պատմաբաններուն թողելու», «արխիւները բանալու», «ընդհանուր ցաւի» «երկկողմանի զոհերու», «3-րդ երկիրներու խորհրդարաններու որոշումներով հայ-թրքական կարգաւորման վնասելու» գաղափարները:

Կայքին մէջ առանձին բաժինով կը ներկայացուին 1975-85 թուականներուն «Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի» (ԱՍԱԼԱ) գործողութիւններէն սպանուած թուրք դիւանագէտներու մասին տեղեկութիւններ: