image

Ծեծի ենթարկուած սպայի վիճակին մէջ մեծ բարելաւում չկայ

Ծեծի ենթարկուած սպայի վիճակին մէջ մեծ բարելաւում չկայ

Մօտ 3 ամիս առաջ Եղեգնաձորի մէջ դաժան ծեծի ենթարկուած փոխգնդապետ Արա Մխիթարեանի վիճակին մէջ փոփոխութիւն չկայ: Այս մասին NEWS.am- ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է փոխգնդապետի եղբայրը`Կարէն Մխիթարեանը, նշելով, որ բժիշկներն ըսած են, որ այս վիճակը կրնայ շարունակուիլ 6 ամիս:

«Միայն աչքը ռեֆլեքսօրէն կը թարթէ, բայց գիտակից չէ»,-ըսած է ան:

«Մենք ալ ամէն օր Գիւմրիէն կը հասնինք Երեւան, կը հանդիպինք եղբօրս  ու ետ կը վերադառնանք»,-ըսած է ան:

Ան նշած է, որ գործով որեւէ այլ տեղեկատւութիւն չկայ, նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ ՔԿ-ն յայտարարած է, որ Վայոց ձորի նախկին մարզպետ Տրդատ Սարգսեանը 17 սեպտեմբերի 2019-ին տեղի ունեցած վիճաբանութեանն ականատես չէ եղած: Սակայն դէպքին ականատես 4 սպաներն ըսած են, որ նախկին մարզպետը եղած է դեպքի վայր եւ հետեւած է միջադէպին` չկանխելով այն:

Յիշեցնենք, որ ՊՆ փոխգնդապետ Արա Մխիթարեանը դաժան ծեծի ենթարկուած է 18 սեպտեմբերին Վայոց Ձորի Եղեգնաձոր քաղաքին մէջ: Այս գործով մեղադրանք առաջադրուած է Վայոց Ձորի նախկին մարզպետի օգնական Յարութիւն Գրիգորեանին։ Աւելի ուշ, որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած է նաեւ Գրիգորեանի եղբայրը՝ Զաւէն Գրիգորեանը։ Երկուքնն ալ կալանքի տակ են։ Քննչական կոմիտէն գրաւած է նաեւ դէպքի վայրի տեսախցիկները՝ մարզպետ Տրդատ Սարգսեանի մասնակցութիւնը միջադէպին ստուգելու համար:

Միջադէպէն մէկ շաբաթ անց Տրդատ Սարգսեանը հրաժարական տուաւ Վայոց ձորի մարզպետի պաշտօնէն։