image

«Հանտքէն պէտք չէ Նոպէլեան ստանար» Թուրքիան զայրացած է

«Հանտքէն պէտք չէ Նոպէլեան  ստանար» Թուրքիան զայրացած է

Թուրքիան դէմ է Նոպէլեան մրցանակը շնորհելու աւստրիացի գրող Խանտքէին, որ անցեալին յայտարարած է, որ Սերեպրենիցայի դէպքերուն կը վերաբերի որպէս երկու եղբայրական ժողովուրդներու միջեւ հակամարտութեան։ Այդ մասին շաբաթ օր յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական ներկայացուցիչ Իպրահիմ Քալինը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը։ 

«Երկուշաբթի օր գրականութեան ոլորտի մէջ Նոպէլեան մրցանակը պիտի յանձնուի Փեթեր Հանտքէին, որ կը հերքէ ցեղասպանութիւնը Պոսնիայի եւ կը հանդիսանայ Սերպիայի առաջին նախագահ Սլոպոտան Միլոշեւիչի կողմնակիցը։ Այդ ցինիկ որոշումը պէտք է չեղարկուի։ Դուք ինչպէ՞ս կրնաք պարգեւ շնորհել անբարոյական մարդուն, որ չունի ամօթի զգացում»,- գրածէ Էրտողանի ներկայացուցիչն իր թուիթըրեան էջին։

Հանտքէին բարձր պարգեւը յանձնելու դէմ քննադատութիւնն ու բողոքները սկսած են  Շուէտական ակադեմիայի որոշումը հոկտեմբերի սկիզբը հրապարակելէն անմիջապէս ետք։ Անոր հակառակորդներու գլխաւոր փաստարկը անոր 1996-ին գրած «Դէպի Տանուպ, Սաւա, Մորաւա եւ Տրինա գետեր ձմեռային ճամփորդութիւն, կամ արդարութիւն Սերպիայի համար» էսսեն է։ Այդ գործէն մէջբերուած հատուածները կ'օգտագործուին որպէս հեղինակի կողմէ պոսնիացիներու ցեղասպանութեան ժխտման հաւաստիացում։