image

Ադամանդի գործարան մը բացուած է Աբովեան քաղաքին մէջ

Ադամանդի գործարան մը բացուած է Աբովեան քաղաքին մէջ

Աբովեան քաղաքի մէջ, 2 դեկտեմբերին, տեղի ունեցած է «Էյ Տի Էմ Տայմընտս» ադամանդի գործարանի բացման արարողութիւնը։ Գործարանի պաշտօնական բացման արարողութեան մասնակցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Գործարանին մէջ կ՝աշխատի 120 ադամանդագործ։ Հիմնադիրները կը խոստանան, թէ այդ թիւը պիտի հասնի մինչեւ 700-ի։ 

Վարչապետի աշխատակազմէն յայտնած են, ծրագրի իրականացման համար կատարուած է շուրջ 3,5 միլիոն տոլարի ներդրում: Կը ծրագրուի 2020 թուականին արտահանման ծաւալները հասցնել մինչեւ 100 միլիոն տոլարի:

Վարչապետը շրջայց կատարած է ընկերութեան մէջ՝ ծանօթացած է ադամանդի վերամշակման գործընթացին եւ յառաջիկայ ծրագրերուն: Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է ոլորտի զարգացումը մեր երկրին մէջ եւ նշած, որ կառավարութիւնն իր գործիքակազմերի շրջանակէն ներէս պատրաստ է ցուցաբերել համապատասխան օժանդակութիւն:

Ընկերութեան ղեկավարի խօսքով՝ այս փորձի կիրառումը Հայաստանի մէջ հնարաւորութիւն կու տայ աշխատատեղեր ստեղծել հեռաւոր մարզերու մէջ՝ այնտեղ, ուր կայ զբաղուածութեան խնդիր, լուծելով ընկերային կարեւորագոյն հարց: Ընկերութեան մէջ կը գործէ նաեւ հաշմանդամներու արտադրամաս, որ պիտի ընդլայնուի:

ՀՀ տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեան, իր հերթին, վստահեցուցած է, որ այս ոլորտին մէջ Հայաստանը շուկայի խնդիր չունի։

Հայաստանը եւ Հնդկաստանը ունեն եղբայրական յարաբերութիւններ եւ մշակութային պատմութիւն՝ շեշտելով այս մասին ընկերութեան հնդիկ համահիմնադիր Տոնան Անսալին նկատած է, որ Հայաստանը նախապէս ունեցած է ադամանդագործութեան հրաշալի աւանդոյթներ եւ ինքը համոզուած է, որ այդ ամէնը կրկին կը վերածնուին ու նոր այս հրաշալի գործարանը պիտի ըլլայ ատոր սատարողը.

«Այսօր մենք կը տեսնենք, որ ադամանգագործութեան այդ ճիները կրկին կ՝արթննան եւ վստահ ենք, որ Հայաստանի զարգացող տնտեսութիւնը մեծապէս պիտի օժանդակէ նաեւ այդ ճիւղի զարգացման»,- ըսած է նախարարը։

Ան նկատած է, որ գործարանը համադրած է ժամանակակից ճարտարագիտական հնարաւորութիւնները, հիմնադիրները ունին Հայաստանէն դուրս գործունէութեան փորձ։