image

Անյայտ անձեր պղծած են Պռօշեան գիւղի նահատակներու Պանթէոնը

Անյայտ անձեր պղծած են Պռօշեան գիւղի նահատակներու Պանթէոնը

Պռոշեանի ՀՅԴ տարածքային կառոյցէն Yerkir.am-ին կը յայտնեն, որ 2 դեկտեմբերին, անյայտ անձիք տակաւին չպարզուած հանգամանքերու մէջ կոտրած են Պռոշեան գիւղի ազատամարտի նահատակներու պանթէոնի մուտքի ճանապարհին տեղադրուած երկաթէ սիւները եւ պարիսպներուն ու սիւներուն վրայի քանի մը լապտերները:

«Ասիկա հաստատ բարբարոսութիւն է, մեծ ցաւ կ՛ապրին այս ամէնուն ականատես ըլլալով: Այս անգամ եւս այս սրբապղծութեան հեղինակները թաքնուած են, եւ յուսով ենք` ոստիկանութիւնը կը պարզէ այդ անձերու ինքնութիւնը, ե՛ւ, ամենակարեւորը, այն դրդապատճառները, որոնք  կը ստիպեն նշեալ շրջանակներուն` ձեռք բարձրացնելու մեր արժէքներուն վրայ», – նշած է ՀՅԴ Պռոշեանի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Էդուարդ Թովմասեանը` փաստելով, որ նախապէս եւս նոյն պանթէոնի նկատմամբ իրականացուած էր լկտի արարք:

Յայտնի է նաեւ, որ կատարուած սրբապղծութեան եւ բարբարոսութեան մասին տեղեակ պահուած է ոստիկանութեան Կոտայքի մարզային վարչութիւնը, եւ պետի յանձնարարականով ոստիկանութեան Նայիրիի բաժինին մէջ կը կատարուի ուսումնասիրութիւն:

Յիշեցնենք, որ նման դէպք տեղի ունեցած է նաեւ 2013-ին, երբ կրկին անյայտ անձիք պղծած էին Պռոշեանի ազատամարտիկներու յուշարձանը, ինչպէս նաեւ գիւղի կեդրոնի պատերէն մէկուն վրայ յանցագործները անպարկեշտ գրութիւններ գրած էին սպաննուած գիւղապետ, ազատամարտիկ Հրաչ Մուրադեանի հասցէին: