image

Forbes-ը Հայաստանը ներառած է 10 զբօսաշրջային ուղղութիւններու մէջ

Forbes-ը Հայաստանը ներառած է 10 զբօսաշրջային ուղղութիւններու մէջ

«Forbes» ամսագիրը Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը ներառած է 10 զբօսաշրջային ուղղութիւններու մէջ, որոնք պակաս ուշադրութեան արժանացած են, ուր, սակայն, արժէ այցելել։ Ուղղութիւններ, ուր կարելի է ընկղմիլ բնութեան կամ մշակոյթի մէջ՝ զբօսաշրջային ամբոխէն հեռու:

«Կարելի չէ ըսել, որ այդ ուղղութիւնները յայտնի չեն ճանապարհորդներուն, սակայն անոնք պարզապէս արժանի են շատ աւելի մեծ ուշադրութեան, քան կը ստանան։ Հմայիչ, համաշխարհային քաղաքներէն սկսեալ մինչեւ պատմական գոհարները եւ չօգտագործուած լողափերը, ահա այն 10 վայրերը, որ դուք պէտք է այցելէք 2020-ին»,-գրած է «Forbes»-ը։

Ի թիւս Երեւանի, այդ վայրերն են Ուրուկուէյի Քոլոնիա տել Սաքրամենթօ քաղաքը, Վիեթնամի Քոն Տաոն, Նիճերիայի՝ Լակոսը, Քամպոտիայի՝ Մոնտուլքիրին, Ռոթերտամը՝ Հոլանատայի մէջ, Սանթիակօն՝ Չիլիի մէջ եւ այլն։

Երեւանը ներկայացուած է որպէս «ամենահին քրիստոնեայ երկիր, որ ամենահետաքրքիր վայրերէն մէկն է, որ կարելի է այցելել՝ իր տաճարներու աւերակներով եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ ճանչցուած քրիստոնէական վանքերով»:

«Մայրաքաղաք Երեւանը, երկրի վրայ շարունակաբար ամենաերկար բնակեցուած քաղաքներէն մէկն է, եւ յայտնի է Հայաստանի ազգային խորհրդանիշ Արարատի հիասքանչ տեսքով, ինչպէս նաեւ անոր Ararat քոնեաքով ու գինիով: Երեւանը կը կոչուի «վարդագոյն քաղաք», քանի որ անոր ճարտարապետութեան մեծ մասը տուֆէ է»,-կը գրէ «Forbes»-ը։

Այն խորհուրդ կու տայ, Քարտաշեաններու նման, մնալ Մարիոթ Երեւան հիւրանոցին մէջ,  ճաշել Տոլմամա ճաշարանը, ուր հիւրընկալած են այնպիսի յայտնի մարդիկ, ինչպիսիք են  Հիլարի Քլինթընը, արքայազն Չարլզը,  Ժերար Տեփարտիէոն։