image

Հայաստանի Ազգային գրադարանը պիտի պատրաստէ «Ազդակ» օրաթերթի մատենագիտութիւնը

Հայաստանի Ազգային գրադարանը պիտի պատրաստէ «Ազդակ» օրաթերթի մատենագիտութիւնը

Հայաստանի Ազգային գրադարանին կազմակերպած մամլոյ գիտաժողովի վերջին նիստին Ազգային գրադարանի տնօրէնի տեղակալ Հայկանուշ Ղազարեան յայտարարեց, որ Ազգային գրադարանը պիտի ստանձնէ ամբողջ «Ազդակ»-ի հաւաքածոյին մատենագիտութեան պատրաստութեան աշխատանքը:

Ազգային գրադարանը ունի մատենագիտութեան բաժին, ուր մատենագէտներ հսկայ աշխատանք կ՛իրականացնեն ամէնէն գիտական մօտեցումներով ամբողջական տեսքի բերելու համար կարեւորագոյն գիտաշխատութիւններու եւ պարբերականներու մատենագիտական ուսումնասիրութիւնները:

«Ազդակ» օրաթերթի, բացառիկի եւ յաւելուածի ժողովածուներու մատենագիտական ուսումնասիրութիւնները պիտի գան համալրելու Ազգային գրադարանի մամլոյ մատենագիտական նիւթերուն հարուստ հաւաքածոն:

 

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն