image

Լիբանանցի քաղաքացին անձնասպան եղած է. Պատճառը հարեւան խանութներուն կուտակուած պարտքերն են

Լիբանանցի   քաղաքացին  անձնասպան եղած է. Պատճառը  հարեւան  խանութներուն  կուտակուած  պարտքերն են

Քառասունը անց  լիբանանցին  մը  անձնասպանութիւն գործած է։

Այս    մասին  գրած է   «Ալ Ժումհուրիյա»  պարբերականը,  նշելով, որ Նաժի Ֆլիթի  անունով   քաղաքացին   ինքզինք կախած է Պեքաա  շրջանի  իրենց տան  ետեւ գտնուող  ծառէ  մը։

Աղբիւրը կը նշէ, որ  անձնասպանութեան դիմողը   շուրջ երկու ամիսէ ի վեր  անգործ էր եւ   200  հազար  լիբանանեան  ոսկիի  գումար մը պարտք էր իրենց   տան   հարեւանութեամբ  գտնուող  խանութներուն։

Թէեւ      թերթը   յաւելեալ մեկնաբանութիւններ չէ  տուած  եղածին  վերաբերեալ, սակայն   աւելի քան բացորոշ  է, որ նման    դէպքեր կը գրանցուին երկրին մէջ առկայ տնտեսական  սուր տագնապին հետեւանքով։