ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը II աստիճանի շքանշան յանձնած է խորհրդային մեծանուն գիտնական, բեւեռախոյզ, Պետդումայի պատգամաւոր Արթուր Չիլինկարովին՝ «հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար»:
«Դեռ շուտ է»,- լսուած է ունկնդիրներու շարքէն, որուն ի պատասխան Չիլինկարովն ըսած է. «Մեզի համար դեռ շուտ է»:
«Ես կը շարունակեմ բեւեռախոյզ ըլլալ: Յետագային ալ կ'ընենք ամէն ինչ, որ Ռուսաստանը շարունակէ մնալ մեծ ծովային գերտերութիւն»,- ելոյթին մէջ նշած է Չիլինկարովը: