image

Անծանօթներ հրկիզած են Լիբանանի «յեղափոխութեան յուշարձան»ը

Անծանօթներ  հրկիզած են  Լիբանանի  «յեղափոխութեան  յուշարձան»ը

 Այս  առաւօտ    անածնօթներ հրկիզած են  Լիբանանի մէջ   ամիս մը առաջ  ընթացք առած    յեղափոխութեան  «յուշարձան»ը։ 

Բռունցքը իբրեւ   բողոքարարներուն կամքը   արտայայտող      եւ յուշարձանի տպաւորութիւն   թողող       փայտեայ  մարմինը   պատրաստուած էր    հազարաւոր ցուցարարներու Պէյրութի    կեդրոնական  շրջաններ    հաւաքուելէն   ետք։ 

 

 Կը նշուի, որ    «յուշարձան»ը  հրկիզողները  եղած են երկու անձեր, որոնցմէ մին       փորձած է  մարել   հրկիզուած   փայտեայ  արձանը,   ու ատոր հետեւանքով       վէրքեր ստացած։ 

 

 Յիշեցնենք, որ այսօր կը լրանայ  Լիբանանի բողոքի ցոյցերուն  37-րդ  օրը  եւ     ցուցարարները  կը շարունակեն պահանջել    կազմել  անկախ ոչ քաղաքական      գործիչներու  կառավարութեան կազմութիւն։ 

 

 Կը սպասուի նաեւ,  որ Լիբանանցի  երիտասարդներ  այսօր  զուգադիպող անկախութեան  76-րդ  տօնին  առթիւ  Պէյրութի եւ շրջաններու  մէջ   բողոքի   երթեր կազմակերպեն։