«Ցեղակրօն» կուսակցութեան նախագահ Շանթ Յարութիւնեանի որդին՝ Շահեն Յարութիւնեանը 1 նոյեմբերէն այլեւս չաշխատիր Ազգային ժողովին մէջ։ Այս մասին ան յայտնած է ֆէյսպուքեան իր էջին։ Ան, մասնաւորապէս, գրած է․
«Յարգելի հայրենակիցներ,
Յ.Գ. ԱԺ-ից հեռանում եմ ոչ սեփական դիմումի համաձայն, այլ՝ հեռացումով, քանի որ աշխատանքից հեռանալու նպատակով ինձ բերուած փաստարկները համոզիչ չէին, գոնէ, ինձ համար։
Յոյս ունեմ, որ այս գրառումը շահարկումների առարկայ չի դառնայ»։
Յիշեցնենք, որ Շահեն Յարութեւնեանն ԱԺ-ի մէջ աշխատանքի անցած էր 2019 թուականի յունուարին: Ան կ'աշխատէր «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Երջանիկ Յակոբեանի հետ: