image
Հրատապ լուրեր:

Սուզան Մուպարաքի վիճակը մտահոգի՞չ. Ան կը գտնուի հիւանդանոցը

Սուզան Մուպարաքի վիճակը մտահոգի՞չ. Ան կը գտնուի հիւանդանոցը

Եգիպտոսի նախկին առաջին տիկին Սուզան Մուպարաք (ծնեալ՝ 1941-ին) հիւանդանոց  փոխադրուած է։ 

Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ Արապիա» կայանը, որ նաեւ կը նշէ, թէ շատ քիչ  տեղեկութիւններ կան երկրի  նախկին առաջին տիկնոջ վիճակին մասին։ 

Աղբիւրը  նաեւ  նկատել տուած է, թէ Սուզան Մուպարաքի վիճակը իրապէս ծանր է։ 

Յիշեցնենք, որ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի կինը մասնագիտութեամբ ընկերաբան է, եւ ան մայրն է Ալլա եւ Ժամալ Մուպարաքներուն։