Լիբանանեան դրամատուներու մէջ իրենց գումարները պահ տուած քաղաքացիները ականատես կը դառնան նոր կարգադրութիւններու։
Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Էլ Նաշրա» կայքը։ Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ յետ այսու ցանկացած լիբանանցի, ինչքան ալ գումար ունենայ, պիտի կարողանայ շաբաթը միայն 1000 ԱՄՆ տոլար ստանալ եւ ամսուան կտրուածքով՝ 4000 ԱՄՆ տոլար։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ կապ չունի, թէ քաղաքացիները ինչքան գումար ունին, յիշեցնելով, որ այս կարգադրութիւնները գործի կը դրուին նպատակ ունենալով պահպանել Լիբանանի դրամատնային համակարգը եւ ելեւմտական ապահովութիւնը։
Յիշեցնենք, որ մինչեւ այս լուրին ներկայցուիլը, լիբանանցիք ստիպուած են մինչեւ 1800 լիրա վճարել մէկ ամերիկեան տոլար ստանալու դիմաց, մինչ կառավարութեան կողմէ հաստատուած գինը՝ մէկ տոլար ստանալու դիմաց 1515 լիբանանեան ոսկի է։