image

Հրազդանցի փոքրիկը կարիքն ունի մեր օգնութեան

Հրազդանցի փոքրիկը կարիքն ունի մեր օգնութեան

Երեխաներէն շատերը 3 տարեկանին աշխոյժօրէն կը շաղակրատեն, հարցեր կու տան եւ կը խաղան ընկերներու հետ: Ալեքսը, սակայն, չըներ անոնցմէ ոչ մէկը: Ալեքսը չի լսեր. ան կեանքին մէջ ոչ մէկ անգամ լսած է ծնողներու ձայները, երգեր ու երաժշտութիւն, որեւէ այլ ձայն: Հնարաւոր է, որ ան առայժմ չի ալ պատկերացներ, թէ ինչ է ձայնը: Ալեքսը դեռ չի կրնար խօսիլ լսողութեան բացակայութեան պատճառով, ուստի եւ տարեկիցներու հետ գրեթէ չի շփուիր:

Ալեքսի հայրը՝ Վաղարշակ Աւագեանը, NEWS.am Medicine-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ երեխայի լսողութեան հետ խնդիրները նկատելի դարձած են 7 ամսականէն: Հասկնալով, որ երեխան ոչ միայն չի սկսիր խօսիլ, այլեւ փաստացի չարձագանգեր ձայներուն, ծնողները անոր տարած են հայրենի Հրազդանի բժշկական կեդրոն: Այնտեղ բժիշկները հաստատած են, որ երեխան, ամենայն հաւանականութեամբ, չի լսեր, բայց լրացուցիչ հետազօտութիւններու համար ուղարկած են Երեւան՝ «Արաբկիր» ԲԿ:

Երեւանի մասնագէտները հաստատած են, որ Ալեքսի մօտ 4-րդ աստիճանի ծանրալսողութիւն է եւ ներքին ականջի բնածին շեղում: Նոյնիսկ լաւ լսողական սարքով երեխան գրեթէ ոչինչ կը լսէ: Խնդիրները շտկելու համար ան ներքին ականջի վիրահատութեան եւ ականջի խխունջի ներատնկութեան կարիք ունի: Հայաստանի մէջ կան այն կատարող մասնագէտներ, բայց Ալեքսի պարագան չափազանց բարդ է, եւ ծնողներու խօսքով՝ բժիշկները խորհուրդ տուած են օգնութիւն փնտրել այլ երկիրներու մէջ:

Ինչպէս պարզուած է, Ալեքսին կրնան օգնել Սպանիայի բժիշկները. անոնք արդէն ծանօթացած են երեխայի փաստաթուղթերու հետ եւ ըսած, որ կրնան անոր վիրահատել, ու ան 90 տոկոս հաւանականութեամբ կը սկսի լսել, իսկ յետոյ կեը սորվի նաեւ խօսիլ: Մասնագէտներու խօսքով՝ եթէ երեխայի լսողութիւնը շտկուի մինչեւ 5 տարեկանը, ան մեծ հաւանականութեամբ կը կարողանայ խօսիլ սորվիլ եւ որոշ ժամանակ անց զարգացմամբ կը հասնի իր տարեկիցներուն:

Ալեքսին եւ անոր ծնողներուն վիրահատութեան համար անհրաժեշտ է 23 հազար եւրօ: 9 հազարն արդէն կայ, կը պահանջուի եւս 14 հազար, որ հաւաքելու համար Վաղարշակը եւ Գոհարը (երեխայի մայրը) բարեգործական կազմակերպութեան միջոցով էջ բացած են GoFundMe կայքէջին մէջ:

Ալեքսին օգնել ցանկացողները կրնան նուիրաբերել ցանկացած գումար GoFundMe-ի էջին՝ https://www.gofundme.com/f/alex-dream-of-hearing?fbclid=IwAR10AvkRO6443SBe8pO39GXmn2BmCSGb_hQZ3OT_6ZVv2zdwuDRNsPxANgc

Դրամը կարելի է փոխանցել նաեւ դրամատնային հետեւեալ հաշուեհամարներուն՝

Ardshinbank

AMD 2479200283930000
USD 2479200283930010
EUR 2479200283930020
RUB 2479200283930030

Ստացող՝ Վաղարշակ Աւագեան

Արագ փոխանցումներու համար՝

Idram 840405720