image

Լիբանանի դրամատուները վաղը կը վերաբանան իրենց դռները

Լիբանանի  դրամատուները  վաղը  կը վերաբանան  իրենց դռները

Դրական  լուր մը հաղորդուած է  Պէյրութէն, որու հիմքով Լիբանանի  մէջ  գործող եւ  երկար ժամանակէ ի վեր փակ  մնացող  դրամատուները    վաղը պիտի վերաբանան   իրենց դռները։

Կը նշուի նաեւ, որ դրամատուներու  վերաբացման մասին տեղեկութիւնը      հաղորդուած է    Լիբանանի   դրամատուներու սենտիքան։

Յիշեցնենք, որ    ամիս մը առաջ   ծաւալած  բողոքի    ցոյցերէն  ետք  դրամատուները  տարբեր  օրերու ստիպուած եղան առկախել  իրենց  գործունէութիւնը      երկրին  մէջ երթեւեկութեան խանգարման, ինչպէս նաեւ ելեւմտական  մտահոգութիւններու հետեւանքով։