image

«Եկեղեցւոյ Առաքելութեան Գրաւականը Ժողովուրդն է» Նշուած է Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 21-րդ տարեդարձը

«Եկեղեցւոյ Առաքելութեան Գրաւականը Ժողովուրդն է» Նշուած է  Շարժայի Սուրբ Գրիգոր  Լուսաւորիչ  եկեղեցւոյ հիմնադրութեան  21-րդ տարեդարձը

Օրերս   նշուած է Շարժայի Սուրբ Գրիգոր  Լուսաւորիչ  եկեղեցւոյ հիմնադրութեան  21-րդ տարեդարձը։ Այս  մասին   տեղեկութիւնը կը հաղորդէ Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններու դիմատետրի էջը։

 

 Աղբիւրը մասնաւորապէս կը գրէ ՝

Ուրբաթ 15 Նոյեմբեր 2019-ին, հանդիսաւոր Սուրբ եւ անմահ պատարագով նշուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեան եւ Քաթարի Հայոց Թեմի տարածաշրջանէն ներս գործող, Շարժայի՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ համալիրին օծման եւ բացման 21-րդ տարեդարձը։

 

Սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց, Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, որ իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ ընդհանրապէս եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ յատկապէս հայ եկեղեցւոյ ունեցած կարեւոր դերակատարութեան հաւատքի պահպանման ու հայապահպանման նուիրուած սրբազան առաքելութեան մասին։

 

Սրբազան Հայրը օրուան խորհրդածութեան բնաբանը քաղած էր Պօղոս Առաքեալի Ա. Կորնթացիս նամակին 14 գլխուն 12 համարէն. «Հետեւաբար դուք ալ, քանի որ հոգեւոր պարգեւներուն կը փափաքիք, ջանացէք մանաւանդ տիրանալ ա՛յն պարգեւներուն՝ որոնք եկեղեցւոյ օգուտին կը նպաստեն»։

 

Բնութագրելով Քրիստոնեայ հաւատացեալին ունեցած հոգեւոր պարգեւներուն մասին, մատնանշեց թէ՝ մեծագոյն պարգեւը հաւատքով զինուած շարունակել ներկայ կեանքի դժուարութիւններուն դէմ պայքարիլ, առանց հեռանալու եկեղեցիէն եւ անոր սրբազան առաքելութենէն։

Շարունակելով քարոզը Սրբազան Հայրը հոգեւոր պարգեւներու շարքին խօսեցաւ նաեւ մեծագոյն պարգեւի մասին, որ Քրիստոս իր մահէն առաջ թելադրեց իր առաքեալներուն, որ Սէրն է. «Սէրը Աստուածային պարգեւ մըն է, որուն արտայայտութեամբ ցոյց պիտի տանք թէ մենք Քրիստոսի առաքեալներուն շարունակութիւնն ենք, սակայն այսօր աստուածային սիրոյ արտայայտութիւնը սկսած է նուազիլ մեր կեանքերէն ներս եւ եթէ մենք իրար չի սիրենք, հետեւաբար հեռացած կ՛ըլլանք Աստուածորդու մեծագոյն պարգեւէն եւ այդ երեւոյթը արդէն իսկ մեզ դէպի մեղքի կ՛առաջնորդէ»։

Ապա անդրադառնալով հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին, Սրբազան Հայրը պատմական տուեալներով հաւատացեալներուն վերյիշեցուց, Կիլիկիան թագաւորութեան անկումէն մինչեւ Հայաստանի անկախացումը, շուրջ 600 տարուան վրայ երկարող ժամանակահատուածը, ուր որպէս ժողովուրդ չունէինք ոչ թագաւոր եւ ոչ ալ իշխան, Եկեղեցին առանձին, քրիստոնէական հաւատքի կողքին նաեւ կրցաւ պահել մեր հայկական ինքնութիւնը, լեզուն ու մշակոյթը։

Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող ժամանակաշրջանը երբ գաղթօճախներէն ներս համեստ պայմաններու մէջ կը գտնուէր հայ ժողովուրդը, եկեղեցին առիթ չի տուաւ որ ձուլուինք, այլ սահմանափակ կարողութիւններով կրցաւ վերածնեցնել ուժեղ հայութիւն եւ անգամ մը եւս վերակազմակերպել ժողովուրդը եկեղեցւոյ եւ ազգային կառոյցներու շուրջ։

Խորհրդային Հայաստանի օրերուն հակառակ եկեղեցւոյ թեմ կայացած հալածանքներուն, սփիւռքահայութիւնը եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իմաստուն առաջնորդներու շնորհիւ պայքարեցաւ գաղութները պահելու եւ զայն անխորտակելի հիմքերով կապելու Հայրենիքին։

 

Այս է Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը, ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ։ Նոյն օրինակով, անցնող 21 տարիներու ընթացքին գործեց եւ ծառայեց Շարժայի՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ կեդրոնը, թափ տալով հաւատքի ամրապնդման եւ բարգաւաճման, ճիգ թափելով հայապահպանման եւ ինքնութեան, աշխատանք տարաւ որ այս տարածաշրջանէն ներս հաստատուած հայութիւնը կարենայ մնալ իր եկեղեցական ու ազգային արժէքներուն մէջ։ Անցնող 21 տարիներու ընթացքին եկեղեցւոյ մկրտարանին մէջ հարիւրաւոր քրիստոնեաներ մկրտուցեան, Ս. Խորանին դիմաց հարիւրաւոր նոր հայ ընտանիքներ կազմուեցան, վարժարանին մէջ հարիւրաւոր աշակերտներ վկայական ստացան եւ այսպիսի այլ օրինակներ շատ են տակաւին։

 

Եզրափակելով քարոզը Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Ամենակալ Աստուած, որ իր օրհնութեամբ միշտ կանգուն պահէ եկեղեցին ու եկեղեցական այս կեդրոնը, առաւել եւս ծառայելու շրջանի հայութեան։

 

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ տօնակատարութեան առթիւ մատաղի օրհնութիւնը։