image

Թուրքիա. Ձերբակալութիւնները կը շարունակուին

Թուրքիա. Ձերբակալութիւնները կը շարունակուին

Թուրքիոյ մէջ  ոստիկանութիւնը կալանաւորած է չորս քրտամէտ քաղաքապետեր՝ քիւրտ ապստամբներու հետ ունեցած կապերու կասկածանքով, երկրի քրտամէտ կուսակցութեան  ճնշման շրջագիծէն ներս, կը տեղեկացնէ AP-ը։

Կալանաւորուած են Սաւուր, Տերիք եւ Մազիտաղի քաղաքներու ղեկավարները Մարտին նահանգի մէջ եւ Սուրուճի քաղաքապետը Շանլըուրֆա նահանգին մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի մօտ 20 ներկայացուցիչ։

Կուսակցութեան մօտ 20 քաղաքապետներ հեռացուած են պաշտօնէն եւ փոխարինուած պետութեան կողմէ նշանակուածներով, իսկ անոնցմէ 14-ը բանտարկուած է։