image

Ողբերգական դէպք Նոր Հաճնոյ մէջ. Թունաւորման զոհ գացած են 5 անձեր

Ողբերգական դէպք Նոր Հաճնոյ մէջ. Թունաւորման զոհ գացած են 5 անձեր

Կոտայքի մարզին մէջ, 16 նոյեմբերին, դաժան ու ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է. ժամը 13:00-ի սահմաններուն, ոստիկանութեան Կոտայքի մարզային վարչութիւն ահազանգ ստացուած է, որ Աբովեանի բժիշկներու հերթապահ խումբը կանչով մեկնած է Նոր-Հաճն քաղաքի Իսահակեան փողոցի 2-րդ շէնքի 11 բնակարան, ուր յայտնաբերած են 5 քաղաքացիի դի:

Shamshyan.com-ի  հաղորդմամբ, ոստիկաններն ու քննիչները նշուած տան մէջ յայտնաբերած են այդ տան բնակիչներ, 77-ամեայ Ժաննա Սիմոնեանի, 16-ամեայ Էտուարտ Մ.-ի, 12-ամեայ Սերինէ Մ.-ի, 15-ամեայ Տիգրան Ս.-ի եւ 14-ամեայ Ժաննա Մ.-ի դիերը:

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, անոնք մահացած են խոհանոցին մէջ տեղադրուած կազի կաթսայէն առաջացած շմոլ կազէն:

Աղբիւրի տեղեկութիւններով, մահացած բոլոր երեխաները Ժ. Սիմոնեանի թոռնիկներն էին: Մահացածներէն երկուքը յայտնաբերուած են լոգարանին մէջ, 3-ը՝ ննջարանին: Երեխաներու հայրն ու մայրն ալ կը բնակին Ուքրանիա, սակայն ամուսնալուծուած են, իսկ երեխաներու խնամքը միշտ հոգացած է տատիկը եւ Հայաստան գտնուող հօրեղբայրը:

Փաստի առթիւ ՀԿԳ աւագ քննիչ Ս. Քոլոյեանի որոշմամբ յարուցուած է քրէական գործ: Քննիչի որոշմամբ նշանակուած են շարք մը փորձաքննութիւններ, այդ շարքին՝ դիակներու դատաբժշկական: