image

Առաջիկայ յունուարին Վ. Փութին Թուրքիա պիտի այցելէ

Առաջիկայ յունուարին Վ. Փութին Թուրքիա պիտի այցելէ

Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական ներկայացուցիչ Իպրահիմ Քալինը ուրբաթ օր յայտարարած է, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը յաջորդ տարուան յունուարի առաջին շաբաթը կրնայ այցելել հանրապետութիւն, կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ը։

«Թուրքիա Փութինի այցը ծրագրուած է յունուարի առաջին շաբաթը։ Նախագահները պիտի հանդիպին «Թրքական հոսքի» աշխատանքներու աւարտի կապակցութեամբ, անոնք նաեւ պիտի քննարկեն երկկողմ յարաբերութիւնները»,- ըսած է թուրք առաջնորդի ներկայացուցիչը։