image

Երեւանի «Աւետիսեան» դպրոցին մէջ ՝ ծառատունկ (Լուսանկարներ)

Երեւանի  «Աւետիսեան»  դպրոցին մէջ ՝ ծառատունկ (Լուսանկարներ)

Երբ բնապահպանական ծրագիրներու շաբթուան սկիզբը Աւետիսեան դպրոցի տնօրէն տիկին Մելանիա Գեղամեանը առաջարկեց ընդարձակել դպրոցամերձ ծառապատ տարածքը, լեփլեցուն դահլիճը ծափերով ընդունեց անոր կոչը: Եւ խօսքն արագօրէն վերածուեցաւ գործի. իրենց երեխաներուն ջերմօրէն սատարեցին ծնողները, արագօրէն հաւաքուեցաւ տունկի ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ գումարը, դպրոցի տնօրէնը դիմեց հանրապետութեան տնկարանային տնտեսութիւններուն… Եւ այսօր արդէն դպրոցին մէջ է նոր տունկիներու խմբաքանակը: Այս մասին կը գրէ վարժարանի պաշտօնական կայքը:

Դասերու աւարտին 1-12-րդ դասարանցիները, բահերով ու ջուրի դոյլերով զինուած, իջան բակ: Նախապէս արդէն փորուած ծառափոսերուն մէջ անոնք խնամքով տնկարկեցին նոր տունկիները:

«Այսօր մեր դպրոցի բակը պսակող եղեւնիներուն, սոճիներուն ու գիհիներուն աւելցան եւս 40 տունկիներ: Մեր «կանաչ» դպրոցը հարստացաւ սոճիներով եւ արծաթափայլ եղեւնիով»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: