image
Հրատապ լուրեր:

Ruters-ը դրական որակած է Հայաստանի տնտեսական-ներդրումային ընդհանուր պատկերը

Ruters-ը դրական որակած է Հայաստանի տնտեսական-ներդրումային ընդհանուր պատկերը

Բրիտանական Reuters գործակալութիւնն անդրադարձած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման ցուցանիշներուն, ներկայացուցած է Հայաստանի եւրապարտատոմսերու տեղաբաշխման գործընթացը ու փորձագէտներու օգնութեամբ համեմատութիւն կատարած տարածաշրջանի երկիրներու ցուցանիշներու հետ: Գործակալութիւնն ընդգծած է, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը երկու ամիս առաջ իրականացուց նոր եւրապարտատոմսերու տեղաբաշխում, պահանջարկը չորս անգամ գերազանցեց առաջարկը՝ ընդգծելով բացասական տոկոսադրոյքներու աշխարհի մէջ եկամուտի ձգտող ներդրողներու շրջանակին մօտ նախկին ԽՍՀՄ փոքր հանրապետութեան նոր ձեռք բերած գրաւչութիւնը: 

«Անցեալ տարի տեղի ունեցած բողոքի խաղաղ ցոյցերէն ետք, որոնց շնորհիւ ձեւաւորուեցաւ բարեփոխումներու միտուած կառավարութիւն, Հայաստանի տնտեսութիւնը սկսած է աճիլ աւելի արագ, քան նաւթով հարուստ հարեւան Ատրպէյճանը՝ բարձրացնելով ներդրողներու պատրաստակամութիւնը փոխառութիւն տրամադրել դէպի ծով ելք չունեցող երեք միլիոննոց ժողովուրդին:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնն ընդունած է բարեփոխումներու ծրագիր մը, որուն նպատակն է հզօրացնել Հայաստանի հիմնարկները եւ օրէնքի գերակայութիւնը, բարելաւել գործարար միջավայրը եւ խստացնել փտածութեան դէմ պայքարը:

Ծրագիրը կը նախատեսէ յառաջիկայ չորս տարուան ընթացքին ներդրումներու տեսակարար կշիռը համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) մէջ հասցնել 23-25 տոկոսի՝ ներկայիս շուրջ 20 տոկոսի փոխարէն, եւ արտահանում/ՀՆԱ յարաբերակցութիւնը 37 տոկոսէն հասցնել 43-45 տոկոսի»,- ըսուած է յօդուածին մէջ:

«2018 թուականի յեղափոխութենէն ետք յոյսեր առաջացած են, որ նոր կառավարութիւնը վճռականօրէն առաջ պիտի շարժի կառուցուածքային բարեփոխումներով եւ, մասնաւորապէս, փտածութեան դէմ պայքարով: Մինչ այժմ կառավարութիւնը կը շարժի ճիշդ ուղղութեամբ՝ ամրապնդելով այդ յոյսերը, որու ապացոյցն է տարուան սկիզբը ընդունուած կառավարութեան ծրագիր », - «Reuters» գործակալութեան յայտնած է Barclays-ի մէջ զարգացող Եւրոպայի մասով տնտեսագէտ Լիզա Երմոլենքոն:

Նշուած է, որ սեպտեմբերին Հայաստանը երրորդ անգամ մուտք գործեց միջազգային շուկայ՝ տեղաբաշխելով 500 միլիոն ԱՄՆ տոլար ծաւալով 10 տարի մարման ժամկէտով եւրապարտատոմսեր, որու դիմաց պահանջարկը կազմեց աւելի քան 2 միլիառ ԱՄՆ տոլար: Միաժամանակ Հայաստանը ետ գնեց 2013 թուականին թողարկած իր առաջին եւրապարտատոմսերու մեծ մասը, որոնք ենթակայ են  մարման 2020 թուականի սեպտեմբերին:

«Հայաստանի Հանրապետութեան 2025 թուականին մարուող եւրապարտատոմսերու եկամտաբերութիւնը կը կազմէ 3,9 տոկոս, ինչը աւելի բարձր է Ատրպէյճանի եւ Ուզպէքստանի 2024 թուականին մարուող  պարտատոմսերու  համապատասխան ցուցանիշներէն՝ համապատասխանաբար 3,3 եւ 3,5 տոկոս: JPMorgan-ի զարգացող շուկաներու պարտատոմսերու ցուցանիշերուն մէջ Հայաստանի եւրապարտատոմսերու գինը տարեսկիզբին աճած է մօտ 14 տոկոսով`  Վրաստանի եւրապարտատոմսերու գինի 9,4 տոկոս աճի համեմատ»,- ըսուած է յօդուածին մէջ:

«Հայկական պարտատոմսերն այս տարի գերազանցած են տարածաշրջանի նմանօրինակ պարտատոմսերէն շատերը, ինչը կը նշանակէ, որ ներդրողները ակնյայտօրէն ը վստահին շարունակական բարեփոխումներուն», - ըսած է «ՎՏԲ Քաթիթալ»-ի ֆիքսուած եկամուտի ռազմագէտ Իկոր Ռափոխինը:

Նշուած է, որ հաշուի առնելով զարգացած աշխարհի մեծ մասին մէջ գրանցուած մրցանշային ցած եկամտաբերութիւնը՝ գումար ներդնելու համար շատ ներդրողներ փորձեցին գտնել աւելի ռիսքային զարգացող շուկաներ: Ի տարբերութիւն բազմաթիւ խոշոր զարգացող շուկաներու, ինչպիսիք են Թուրքիան կամ Հարաւային Ափրիկէն, որոնք կը գտնուին որոշակի անկայուն վիճակի մէջ, ֆոնտերու կառավարիչներու ուշադրութիւնը կը գրաւեն բարեփոխումներ իրականացնող փոքր երկիրները:

 

Կայուն տնտեսական աճ 

Յօդուածին մէջ նշուած է, որ 2019 թուականի երկրորդ եռամսեակին Հայաստանի մէջ տնտեսական աճը կազմած է 6,5 տոկոս նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ: Այս շաբաթ Կեդրոնական դրամատունը ընթացիկ տարուան ՀՆԱ-ի աճի իր կանխատեսումը 4,9 տոկոսէն բարձրացուցաած է մինչեւ 6,9-7,1 տոկոս՝ պայմանաւորուած արդիւնաբերութեան եւ ծառայութիւններու ոլորտներու դրական միտումներով:

«Հայաստանը Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր մեծապէս յենուած է հանքարդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներու վրայ, սակայն նախորդ տարուան 5,2 տոկոս աճին նպաստող հիմնական ոլորտները եղած են զբօսաշրջութիւնը, տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները եւ թեթեւ արդիւնաբերութիւնը, օրինակ՝ թեքսթիլ արդիւնաբերութիւնը: Երկիրը դեռ մեծապէս կախուած է Ռուսաստանի աջակցութենէն եւ ներդրումներէն, որու տնտեսական անկումը վերջին տարիներուն բացասաբար ազդած է Հայաստանի արտահանման, ինչպէս նաեւ Ռուսաստան աշխատող հայերու կողմէ կատարուող դրամական փոխանցումներուն վրայ, սակայն պաշտօնեաները կ'ըսեն, որ դրամական փոխանցումներու յարաբերակցութիւնը ՀՆԱ-ի նկատմամբ աստիճանաբար կը նուազի: