image

Իրաքի մէջ զոհերու թիւը անցած է 270-ը . ՄԱԿ-ի բանբեր

Իրաքի մէջ զոհերու թիւը անցած է 270-ը . ՄԱԿ-ի բանբեր

Իրաքի մէջ 1 հոկտեմբերէն շարունակուող բողոքի ցոյցերու հետեւանքով աւելի քան 270 մարդ զոհուած է: Այդ մասին Ժընեւի մէջ յայտարարած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի վարչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ռուպըրթ Քոլվիլը, գրած է ria.ru-ն։

«Մենք լրջօրէն մտահոգուած ենք ցուցարարներու դէմ ոստիկանութեան կողմէ ուժի կիրառման հետեւանքով մահերու եւ վիրաւորներու, ինչպէս նաեւ Իրաքի մէջ զինուած մարդոց կողմէ կատարուած սպանութիւններու մասին շարունակական հաղորդագրութիւններու առիթով։  1 Հոկտեմբերէն մինչեւ երէկ գիշեր ինկած ժամանակահատուածին Իրաքի մէջ ՄԱԿ-ի օգնութեան առաքելութեան մարդու իրաւունքներու գրասենեակը 269 մահ արձանագրած է՝ կապուած երկրի մէջ ընթացող ցոյցերու հետ», - յայտարարած է ան։

Անոր խօսքով՝ եւս հինգ մարդ սպանուած է Պասրայի մէջ՝ կառավարութեան շէնքի դիմաց ցոյցերու ժամանակ։ Վիրաւորուած է 8 հազար մարդ, այդ շարքին՝ Իրաքի անվտանգութեան ուժերու ներկայացուցիչները։