image

Ատրպէյճան խափանած է արցախեան խորհրդանիշով հրապարակուելիք «զէրօ-եւրօ»ներու հրապարակումը

Ատրպէյճան խափանած է արցախեան խորհրդանիշով հրապարակուելիք «զէրօ-եւրօ»ներու հրապարակումը

Գերմանական EuroSchein Souvenir ընկերութեան՝ Արցախի խորհրդանիշով յուշադրամ-եւրոներ տպելու փորձը ձախողած է։ Ատրպէյճանը պաշտօնական բողոք յղած է։ Այս մասին կը յայտնէ ատրպէյճանական մամուլը։

Ըստ այդ աղբիւրներու՝ հայկական սփիւռքի աջակցութեամբ գերմանական ընկերութիւնը որոշած էր «0 եւրօ» անուանական արժէքով յուշադրամներ տպել։ Անոր վրայ գրուած պիտի ըլլար «Արցախի Հանրապետութիւն» եւ պատկերուած պիտի ըլլար «Տետօ-պապօ» («Մենք ենք, մեր սարերը») յայտնի յուշարձանը։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան միջամտութենէն ետք, սակայն, ընկերութիւնը հրաժարած է այդ միտքէն։