image

Պէյրութի կարգ մը կայարաններ փակած են իրենց դռները. Վառելանիւթի տագնապի առաջին նշաններ

Պէյրութի կարգ մը  կայարաններ  փակած են իրենց դռները. Վառելանիւթի տագնապի առաջին  նշաններ

 Պէյրութի մէջ վառելանիւթի տագնապի մը  առկայութեան  առաջին նախանշանները  կ՚երեւին։

 Այս մասին լուրը  հաղորդեց «Ալ Ժատիտ»  կայանը  նշելով, որ մայրաքաղաքի վառելանիւթի կարգ մը  կայարաններու առջեւ  ինքնաշարժներու  խցանում  գրանցուած է։

 

 Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ   կարգ մը   կայարանները  սպառելով   վառելանիւթի  իրենց  պահեստները   արդէն իսկ փակած են իրենց դռները։

 

 

 Յիշեցնենք, որ   վառելանիւթի  կայարաններու սենտիքայի   ներկայաուցիչ  Սամի Պրաքս    վերջին  շրջանին մի  քանի առիթներով  յայտարարութիւններ կատարեց եւ  պատկան  մարմինները  զգուշացուց,  որ եթէ  իրավիճակը  այս հունով շարունակուի, ապա   Լիբանանի մէջ  վառելանիւթի  սուր տագնապ  պիտի առաջանայ։