image

Էրտողան Փութինի հետ պիտի քննարկէ քիւրտերու հարցը

Էրտողան Փութինի հետ պիտի քննարկէ քիւրտերու հարցը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ կը պատրաստուի ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ քննարկել Սուրիոյ հարցով ռուս-թրքական յուշագրի իրականացման հարցը: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական NTV հեռուստաալիքի կայքը:

«Լրացած է 150 ժամը, որ նշուած էր Ռուսաստանի հետ յուշագիրին մէջ, սակայն ահաբեկիչները դուրս չեն եկած այդ գօտիէն: Անոնք դեռ կը յարձակին, իսկ «Սուրիոյ ազգային բանակ»-ը կը պատասխանէ անոնց: Այսօր անոնք 11 զոհ ունին: Մենք, ինչ է, լռե՞նք: Մենք, ի հարկէ, պիտի պատասխանենք եւ յաջողութեամբ պիտի աւարտենք այս գործը: Ես մտադիր եմ այս հարցը քննարկել Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ»,- ըսած է Էրտողանը: