image

Ամերիկահայերը պիտի շարունակեն իրենց պայքարը. Սերժ Թանքեան

Ամերիկահայերը պիտի շարունակեն իրենց պայքարը. Սերժ Թանքեան

Յայտնի աքթիւիսթ, System of a Down ռոք խումբի մենակատար Սերժ Թանքեանը New Europe պարբերականին մէջ յօդուած հրապարակած է՝ խօսելով ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, այդ հարցի վերաբերեալ Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան մասին:

Յօդուածի հեղինակը նշած է, որ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումը մեծ բեկում առաջացուցած է Թուրքիոյ՝ ՆԱԹՕ-ի իր գործընկերներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ: Երկար տարիներ Թուրքիան ամէն ինչ ըրած է ամբողջ աշխարհի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչմանն ուղղուած արշաւները խոչընդոտելու համար՝ հիմնական իր՝ մտրակի եւ կարկանդակի քաղաքականութեան միջոցով․ աւելին՝ Թուրքիան ցեղասպանութիւնը որպէս քաղաքական դրամագլուխ օգտագործած է աշխարհի շատ ժողովրդավարութիւններու դէմ։ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնն աղէտալի հետեւանքներ ունեցած է նաեւ իր ժողովրդավարութեան համար եւ խոչընդոտած իրաւական, աշխարհիկ պետութեան կայացման։

Վերջին տարիներուն Էրտողանի կողմէ ամերիկացի հոգեւորական Էնտրիւ Պրանսընի ազատազրկման նպաստելը, Ռուսաստանէն C-400 զենիթահրթիռային համալիրներու գնումը, Սուրիոյ հիւսիսը ռազմական գործողութեան իրականացումը յանգեցուցած են անոր, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ այս երկիրը կորսնցուցած է իր նկատմամբ վստահութիւնը։ Այստեղ հարց կ'առաջանայ՝ եթէ մէկը կը հրաժարի ընդունիլ իր մեղքը, արդեօք ան մարդկութեան դէմ նոր յանցանքներ չի գործեր։

Աշխարհի մէջ սփռուած հայերը ականատեսը եղան Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ քրտական զինուած ուժերու եւ խաղաղ բնակչութեան հրթիռակոծման, գրած է Թանքեան:

Յօդուածի հեղինակը նաեւ նշած է, որ ամերիկահայերը պիտի շարունակեն պայքարը Ծերակոյտի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար, քանի որ այդ բանաձեւի կարեւորութիւնն այն է, որ Թուրքիան հասկնայ, որ պէտք է վճարէ ցեղասպանութեան հերքման, ազգային փոքրամասնութիւններու եւ աքիւիսթներու հանդէպ իր վերաբերմունքի համար։

Ըստ Թանքեանի՝ բանաձեւերու ընդունումն ազդեցութիւն պիտի չունենայ Թրամբի կամ պետական քարտուղարութեան վրայ, սակայն կրնայ աշխարհին հզօր ուղերձ յղել, որ ամերիկացիները նման ոճրագործութիւնը պիտի չհանդուրժեն։ 

Թանքեանը աշխարհի միւս պետութիւններուն կոչ ըրած է նոյն դիրքորոշումը ընդունելու։