image

Թուրքիոյ կառավարութիւն պիտի որոշէ Եկեղեցին մզկիթի վերածել կամ ոչ

Թուրքիոյ կառավարութիւն պիտի որոշէ Եկեղեցին մզկիթի վերածել կամ ոչ

Թրքական կառավարութիւնը պէտք է որոշէ՝ համապատասխան թոյլտւութենէն ետք՝ վերածէ՞ արդեօք 4-րդ դարու բիւզանդական եկեղեցին մզկիթի, կը յայտնէ Ahval-ը։

Խօսքը Սուրբ Փրկչի եկեղեցւոյ մասին է, որ բիւզանդական մայրաքաղաքի պաշտամունքային շատ կառոյցներու նման 1453թ․ օսմանեան զօրքերու կողմէ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումէն ետք վերածուած էր մզկիթի։ 1945թ․ այն, Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կողմէ հիմնադրուած նոր հանրապետութեան աշխարհիկ տեսլականի համաձայն, դարձած էր թանգարան:

Թրքական իշխանութիւններու որոշումը կրնայ բանալ՝ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը եւս մզկիթ դարձնելու ճանապարհը։ Թուրքիոյ իշխող իսլամիստները վաղուց կ'երազեն այդ տաճարը մզկիթի վերածել, եւ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը յայտարարած է, որ նման քայլը հնարաւոր է։       

Իշխանամէտ Yeni Şafak օրաթերթը կը յայտնէ, որ դատարանը չեղարկած է նախորդ վճիռը՝ որոշելով, որ Սուրբ Փրկիչի եկեղեցին կամ Kariye թանգարանը պէտք է օգտագործուի այն գործառոյթին համապատասխան, որ ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին սուլթան Մեհմետ Ֆաթիհի հիմադրամին յանձնելու պահուն, այսինքն պէտք է մզկիթ ըլլայ։ Թերթը նշած է, որ կառավարութիւնը պիտի որոշէ՝ գործադրէ այդ որորշումը, թէ ոչ։

Այս քայլը, հաւանաբար, վրդովմունք պիտի առաջացնէ ուղղափառ քրիստոնեաներու մօտ, որոնց համար Պոլիսը իրենց հաւատքի օրրանն է։

Յունական Kathimerini թերթը գրած է, որ Սուրբ Սոֆիայի տաճարի կարգավիճակի փոփոխութեան համար կը պահանջուի, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն հաւանութիւն տայ։