image

Թրամբի վարչակազմը կողմ չէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման

Թրամբի վարչակազմը կողմ չէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրաբի վարչակազմը դէմ է Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի ընդունած բանաձեւերուն, որոնցով Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կը սահմանուին եւ կը դատապարտուի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ Պլումպըրկը՝ յղում ընելով Պետական բաժանմունքի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկուն: Թրամբի վարչակազմը կը կարծէ, որ այդ բանաձեւերը աւելի կը սրեն Թուրքիոյ հետ լարուած յարաբերութիւնները:

Պաշտօնեան նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ գործողութիւններու դէմ բանաձեւերու ընդունումը անպատեհ ժամանակի տեղի ունեցած է եւ կրնայ օրէնսդրական հետեւանքներու յանգեցնել: