image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի ԱՄԷ-ի դեսպանատան մէջ նշուեցաւ Իմարաթի «դրօշակի օր»ը

Հայաստանի ԱՄԷ-ի դեսպանատան մէջ նշուեցաւ Իմարաթի «դրօշակի  օր»ը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները իւրաքանչիւր տարի 3 նոյեմբերին, կը նշէ իր դրօշի օրը, այդ մասին առաջին անգամ յայտարարած է ԱՄԷ փոխնախագահ, վարչապետ, Տուպայի կառավարիչ Մուհամմատ պըն Ռաշիտ ալ Մաքթումը 2013-ին։

ԱՄԷ դրօշի օրուան կապակցութեամբ երէկ ՀՀ-ի մէջ ԱՄԷ դեսպանութիւնը կազմակերպած էր դրօշին նուիրուած միջոցառում․ ԱՄԷ քայլերգի ուղեկցութեամբ ՀՀ-ի մէջ ԱՄԷ դեսպան Մուհամմատ Իսսա ալ-Քաթթամ ալ-Զաապին բարձրացուցած է ԱՄԷ դրօշը դեսպանութեան շէնքի վրայ։ Միջոցառման ներկայ եղած են Հայաստանի մարզիկներ, դպրոցականներ եւ ուսանողներ, հիւրեր։

«ԱՄԷ-ի դրօշի օրը կը խորհրդանշէ մեր նուիրուածութիւնը մեր երկրին, հայրենիքին։ Դրօշը մշտապէս պէտք է բարձր ըլլայ, դէպի երկինք խոյանայ։ ԱՄԷ-ի ու անոր ժողովուրդի համար այս օրը  կը խորհրդանշէ իր սէրը դէպի հայրենիք, ապագայի նկատմամբ ձգտումները»,-այս մասին Panorama.am-ին ըսած է ՀՀ-ի մէջ ԱՄԷ դեսպան Մուհամմատ Իսսա ալ-Քաթթամ ալ-Զաապին։ 

ԱՄԷ այժմու դրօշը հաստատուած է 1971-ի դեկտեմբերին, երբ ԱՄԷ հիմնադիր նախագահ լուսահոգի շէյխ Զայէտ պըն Սուլթան ալ Նահեանը բարձրացուցած է այն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  յայտարարած է ինքնիշխան պետութիւն։

Դրօշը կազմուած է կարմիր, կանաչ, սպիտակ եւ սեւ գոյներէն, որ կը խորհրդանշէ արաբական միասնականութիւնը։ Սպիտակ գոյնը կը խորհրդանշէ բարեգործութիւնը եւ աշխարհի մէջ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան աջակցութեան ուղղուած պետութեան մօտեցումը, կանաչ գոյնը կը խորհրդանշէ զարգացումն ու բարգաւաճումը, կանաչ բնութիւնը, քաղաքակրթական վերելքը, սեւ գոյնը կը խորհրդանշէ քաղաքացիներու ուժն ու կամքը եւ ծայրայեղականութեան եւ անարդարութեան մերժումը, իսկ կարմիր գոյնը՝ Էմիրութիւններու զաւակներու թափած արիւնը յանուն էմիրութիւններու հիմնադրման։  Դրօշի հեղինակն է Ապտալլահ Մուհամմատ ալ Մաինան։