image

Չեմ հանդիպած մէկ բնակիչի, որ կողմ է Ամուլսարի հանքի շահագործման

Չեմ հանդիպած մէկ բնակիչի, որ կողմ է Ամուլսարի հանքի շահագործման

ՀՀ Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները 2 նոյեմբերին, եղած են Ամուլսար, հանդիպած Ամուլսարի պահապաններուն, զրուցած յարակից համայնքներու բնակիչներու հետ:

   «Եւս մէկ անգամ այցելեցինք մեր դիրքերը, ուր մարդիկ կը շարունակեն «պահել» դիրքերը դէպի Ամուլսար,  այցելեցինք յարակից բնակավայրեր, զրուցեցինք բնակիչներու հետ, նաեւ ջերմուկցիներու հետ` փորձելով հասկնալ իրենց  տրամադրութիւնները եւ բնականաբար, ես չհանդիպեցայ ոեւէ բնակիչի, որ կողմ ըլլար Ամուլսարի շահագործման:  Իսկ մնացածը կը փորձենք հասկնալ արդէն յանձնաժողովի աշխատանքներու ընթացքին»,-ըսած է պատգամաւորը:

 

Անդրադառնալով մամուլի այն հրապարակումներուն, որ Կառավարութիւնը մօտակայ ամիսներուն կը պատրաստուի ապաշրջափակել Ամուլսար տանող ճանապարհները, Նայիրա Զոհրապեանը ըսած է, որ ինք չի կրնար հաստատել, կամ հերքել այդ տեղեկատվութիւնը, սակայն մէկ բան յստակ է, որ Կառավարութիւնը յայտարարած է, որ մինչեւ վերջնականապէս պարզ չըլլայ շահագործման անվտանգութիւնը, պիտի չշահագործուի:

«Այսօր ալ   դեռ որոշակի հարցեր շահագործման հետ կապուած կան,  ես դարձեալ կու գամ այն համոզման, որ բոլոր վտանգները պէտք է հաշուի առնուին:  Ես կը հասկնամ` բոլոր ներդրումային խնդիրները, որոնք  կրնան առաջանալ Ամուլսարի շահագործումը արգիլելէն, բայց եթէ մենք նժարին կը դնենք Հայաստանի բնապահպանական վտանգը եւ ներդրումային խնդիրները, բնականաբար իւրաքանչիւր հայու համար պէտք է  գերակայ ըլլայ մեր երկրի բնապահպանական վտանգներու չէզոքացումը»,-ըսած է ան:

 

Նայիրա Զոհրապեանը ընդգծած է, որ իրենց խմբակցութեան դիրքորոշումը յստակ է, ջերմուկցին եւ յարակից բնակավայրերու բնակիչները կը գտնեն, որ Ջերմուկի շահագործումը ռիսքային է:

 

Նիւթը՝  «Նիւզ.ամ»  կայքէն։