image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա. Փակած են Տաւութօղլուի նոր հիմնուած կուսակցութեան կեդրոնը

Թուրքիա. Փակած են Տաւութօղլուի նոր հիմնուած կուսակցութեան կեդրոնը

Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի նոր բացուող կուսակցութեան գլխաւոր գրասենեակը  կապարակնքուած է իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան անդամ քաղաքապետի կողմէ։

Թրքական Cumhuriyet–ի փոխանցմամբ՝ իշխող կուսակցութենէն հեռանալէ ետք Ահմետ Տաւութօղլուն աշխոյժօրէն կը զբաղուի նոր կուսակցութիւն ստեղծելու գործով եւ արդէն վարձակալած էր գրասենեակ:

Սակայն օրեր առաջ Պոլսոյ Պահչելիէվլերի քաղաքապետարանը, որու քաղաքապետը իշխող կուսակցութեան անդամ է, կապարակնքած է գրասենեակը՝ պատճառաբանելով, որ գրասենեակի սեփականատէրը տարիներ առաջ առանց թոյլտւութեան ներքին վերանորոգում իրականացուցած է։