image

Լիբանանի մէջ դեղորայքի տագնապ կրնայ ստեղծուիլ

Լիբանանի մէջ դեղորայքի տագնապ  կրնայ ստեղծուիլ

Լիբանանի ամբողջ տարածքին դեղորայքի տագնապ կրնայ ստեղծուիլ։ Այս մասին տեղեկութիւնը   հաղորդեց VDL  լիբանանեան   կայանը։

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ իրենց ունեցած տուեալներով Լիբանանի ամենատարբեր շրջաններուն մէջ գործող դեղարաններուն մէջ կարգ մը դեղատեսակներու պակաս ստեղծուած է այն պատճառով, որ դեղ բաժնող ընկերութիւնները փակ  ճանապարհներու հետեւանքով չեն կրնար իրենց պարտականութիւնը   բնականոն ձեւով կատարել։

Կայանը նաեւ կը նշէ, որ դեղորայք ներածող ընկերութիւններու սենտիքայի պատասխանատուն այսօր այս խնդրին մասին խօսելով ցուցարարներէն  խնդրած է հնարաւորինս դիւրացնել դեղ փոխադրող կառքերուն երթեւեկութիւնը, որպէսզի յետագային դեղի  տագնապ  չըստեղծուի։